Սիրելի գրասէրներ,
Համազգային Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը հաճոյքն ունի ձեզ հրաւիրելու Չարենց եւ Տանթէ գրական երեկոյին։
Այս անգամ պիտի կատարուի Եղիշէ Չարենցէն ընտրանիի մը՝ Souls on Fire: Selected Poems - Հրավառ հոգիներ երկլեզու հատորին շնորհահանդէսը։ Գործը անգլերէնի թարգմանած է Թաթուլ Սոնենց, իսկ խմբագրութիւնը կատարած է Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։
Հանդիպումին պիտի մասնակցի Մեղրի Տումանեանը, որ ուսումնասիրած է Տանթէ Ալիկիերի բանաստեղծին գործերը եւ անոր առնչութիւնները հայ գրականութեան հետ։
Մի՛ փախցնէք այս հետաքրքրական երեկոն վայելելու առիթը։