Անցեալը գեղեցիկ էր, կ’ըսեն։
Գեղեցիկ՝ ինչպէս մոռցուած բացիկ մը դարակին մէջ,
ծալքերով, դեղնած եզրերով,
ուր ժպիտները կանգնած են ժամանակին մէջ,
ու ճշմարտութիւնը՝ քիչ մը փայլեցուած յուշով։
Կը պատմեն, թէ կեանքը աւելի պարզ էր։
Գուցէ պարզ էր, բայց նեղ, լուռ եւ պինդ։
Ճանապարհները կը փակուէին շուտ,
ձայները կը խլանային մայրամուտի մէջ,
եւ «ազատութիւն» բառը կը խօսուէր շշուկով,
միշտ աչքը դրան կողմ՝ ո՞վ էր լսողը։
Կային կանոններ նաեւ սիրոյ համար։
Երիտասարդը չէր կրնար մտնել աղջկայ մօտ
առանց հարիւր աչքեր (անոր ետեւէն) հետեւելու։
Մեկ համբոյր, մի ժպիտ, մի հայացք երկար...
եւ արդէն գայթակղութիւն էր, խօսակցութիւն-բամբասանք, դատաստան։
Սակայն ներսը միայն անմեղութիւն կար՝
ինչպէս հասկնալ մեր նկարագիրը...
Ուսուցիչները, վարժապետները, քահանաները
չէին հասկնար այդ անմեղ կրակը,
սիրոյ, դպչելու եւ ճշմարիտ բառի սաստիկ տենչը։
Անոնք սորվեցուցին վախնալ սէրէն,
աղքատութեան եւ խոնարհութեան զգացումը,
թաքցնել սիրտը՝ մեղքի պէս։
Եւ այսպէս շատերը մեծացան լուռ,
փակ,
չկարողանալով արտասանել «ես քեզ սիրում եմ»
առանց մեղք զգալու։
Ոմանք վերջակէտով ազատեցան,
ջարդեցին պատը, նոր շունչ առին,
հասկցան, որ կինն ու տղամարդը մարդ են,
որ նրբութիւնը մեղք չէ, այլ իմաստութիւն։
Այդ ճանապարհը քաղցր չէր,
ան ծանր, անդառնալի դաս էր՝ ներսէն ուսուցանուած։
Դպրոցը, եկեղեցին, հասարակութիւնը —
կը սորվեցնէին ամէն բան, բացի սիրոյ ըմբռնումէն։
Միտքը կը լեցնէին տեղեկութիւններով,
սիրտն ալ անգրագէտ։
Եւ ապա կային անոնք՝ քահանաներ, տնօրէններ, վարժապետներ:
ոչ բոլորը, բայց բաւական, որ Անոնք հետք թողնէին։
Կրթուած էին՝ Եւրոպայի ուսումնարաններէն անցած,
գիտէին փիլիսոփաները, մտքերն ու լեզուները,
կը քարոզէին Աստուծոյ սէրը եւ կարեկցութիւնը,
եւ ոչ մարդկային սիրտ ըմբռնողութիւնը։
Անոնք ձեռք կը բարձրացնէին, կը ծեծէին ո'չ բոլոր աշակերտներուն, այլ անոնց, այդ փոքրիկներուն որոնք անհամակրելի կը նկատէին...
Ճիշտ այդ քարոզող օրինակելի կաթօլիկ վարդապետին կողմէն,
որովհետեւ այդ մանչուկները, պարզապէս իրենց նիշերը հինգէն ցած ստացած ըլլային...
Վա՜յ Վա՜յ Վա՜յ...իրենց համար, հակառակ էր Քրիստոսի վարդապետութեան...
Եթէ ոչ Հոգեընկճուած կրօնաւորներ...
Այս պատմութիւնները ճշմարիտ են՝ հաստատուած ազնուական անձերու կողմէ։
Ներեցէ'ք, բայց այդպիսի քահանաները կորսնցուցին մարդկային քահանայի ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ Առիթը ։
Այնու ամենայնիւ, կային փայլեր, գեղեցկութիւններ։
Սուրճ մը կիսուած, երգ մը հեռուէն,
քայլ մը՝ առանց նպատակի։
Պարզութիւնը պարտադրուած էր, ոչ ընտրուած։
Եւ երջանկութիւնը՝ միշտ վախի կողքին։
Բայց ընտանիքներու, ընկերներու մէջ, կային գեղեցիկ մարդիկ,
.....ու այսօր ալ դեռ կան։
Այսօր, կը պնդեն՝ թէ աշխարհը վատթարացած է,
մարդիկ չեն մտածեր, սէրը մակերեսային է։
...Գուցէ...
Անցեալն ալ փխրուն էր,
ճիշտ ըլլալը նոյնքան դժուար։
Մարդկութիւնը փոխուած չէ,
այլ միայն պաստառը պայծառացած։
Եւ այսպէս անցեալը մնաց, հանգիստ,
յուշերով լեցուն, դարակներու միջեւ։
Չի խօսիր, չի բողոքեր, չի պաշտպանուիր։
Լուռ է, եւ այդ լռութիւնը իմաստուն կը թուի։
Բայց մօտէն նայողը կը տեսնէ,
որ այն ատեն ալ կար փոշի, վախ ու յոգնութիւն։
Անցեալը գեղեցիկ էր, կ’ըսեն։
Գուցէ՝ միայն հեռուէն։
Մօտէն նոյն կնճիռներն ունէր ինչպէս ներկան...
Եւ հիմա՝ անցեալը կը հանգչի
ոսկէ շրջանակի մէջ, հին կահոյքի վրայ,
մինչ փոշին մեղմօրէն կը ծածկէ զայն։
Փոշի էր այն ատեն,
փոշի է այսօր,
բայց այսօր, գոնէ,
այդ փոշին քոնն է Յակոբ, Ռաֆֆի, Աղբարիկ։
Բէթրօս