Anniversary
   

Գիրքի ներկայացում եւ զրոյց հեղինակին հետ

«Յառաջ» արեւմտահայերէնի կեդրոն


Գիրքի ներկայացում եւ զրոյց հեղինակին հետ
9 oct. 2026   7:19 PM
ԼԵռ Կամսար 29 (Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

📚 Գիրքի ներկայացում եւ զրոյց հեղինակին հետ

🗣 Գիրքի խորագիր՝ «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն»

Սիրով Ձեզ կը հրաւիրենք ներկայ գտնուելու փիլիսոփայ, գրականագէտ Մարկ Նշանեանի վերջին՝ «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» աշխատութեան ներկայացումին։

🖋️ Հեղինակ՝ Մարկ Նշանեան

📍 Հրատարակիչ՝ «Արաս»

📅 Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր

🕖 Երեկոյեան ժամը 7-ին

📌 «Յառաջ» կեդրոնին մէջ (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)

***

Հատորին մասին.

Մարկ Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը քով քովի կը բերէ հայ գրականութեան երկու կարեւոր դէմքերու՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի քերթողական գործերն ու աշխարհը։ Առաջին ակնարկով պատահական թուացող այս հանդիպումը խորքին մէջ երկխօսութիւն մըն է երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ։ Մէկ կողմէն՝ Սովետական Հայաստանն ու Չարենցի «հայրենիք»-ի որոնումը, միւս կողմէն՝ սփիւռքեան գոյավիճակին մասին Վահէ Օշականի վկայութիւնը։

Հեղինակը, գրականագիտական ու փիլիսոփայական վերլուծումներով, կը քննէ Եղիշէ Չարենցի գործին մէջ պատմութեան, սուգի եւ գրական լեզուի հարցերը, ինչպէս նաեւ Վահէ Օշականի արձակն ու քերթողութիւնը՝ լոյսի տակ բերելով անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող անտեսանելի կապը։

«ԿԱՄ» մատենաշարի երրորդ միաւորը հանդիսացող «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը հայ գրականութեան, լեզուին եւ պատմութեան նուիրուած խորունկ համեմատական մըն է եւ արժէքաւոր աղբիւր մը բոլոր ընթերցողներուն համար։

***

Հեղինակին մասին.

Մարկ Նշանեան

Ծնած է 1946-ին, Փարիզ: Ուսողութեան դոկտորականը աւարտած է Փարիզ, փիլիսոփայութեանը՝ Սթրազպուրկի համալսարանը։ Դասաւանդած է UCLA-ի, Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի, Իսթանպուլի Սապանճը համալսարանի, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ։ Շրջան մը եղած է Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ: Շրջան մը՝ Երուսաղէմի պատրիարքարանի դպրեվանքի եւ Վենետիկի Մխիթարեաններու ամառնային կարգ մը դասընթացքներու դասախօս: Կ'ապրի Լիզպոն:

«Կամ» վերլուծական հանդէսի հիմնադիր հրատարակիչն է, որ 1980-2022 լոյս ընծայած է 10 հատորներ. հոն տեղ գտած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ արդի փիլիսոփաներու գործերու թարգմանութիւններ, իսկ «Կամ» մատենաշարէն հրատարակուած են երկու հատորներ՝ «Հանգրուաններ-Յակոբ Օշական» (2024- Պոլիս) եւ «Գեղագիտական ազգայնականութիւն» (2025- Պոլիս), «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» (2026- Պոլիս):

Հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու, թարգմանութիւններու ու գիրքերու, որոնցմէ՝ “Âges et usages de la langue arménienne (1989), “Writers of Disaster” (2002), “La Perversion historiographique” (2006), “Entre l’Art et le témoignage։ Littératures arméniennes au XXe siècle” շարքէն երեք հատոր (2006-2008), “Le Sujet de l’histoire” (2015) եւ «Պատկեր Պատում Պատմութիւն» շարքի Ա. հատորը՝ «Փիլիսիփայական բարեկամութիւն մը» խորագրով (2015), «Թարգմանական դամբանական» (2024- Երեւան) եւ այլք: