Երբեմն անոր կը թուէր, թէ իր անունը աշխարհին կողմէ իրեն տրուած բացատրութիւն մըն էր։

Իսկ ինք բացատրութիւններուն մէջ երբեք ամբողջովին չէր տեղաւորուեր։

Աշխարհը զինք կը ճանչնար ինչպէս մարդիկ կը ճանչնան քաղաք մը՝ քանի մը փողոցներով։

Բայց անոր ներսը տակաւին անբացայայտ թաղամասեր կային, լուռ պարտէզներ, եւ ճամբաներ, որոնց ծայրը նոյնիսկ ինք չէր գիտեր։

Երբեմն այդ անծանօթ թաղամասերուն մէջ ինքզինք իսկ կը կորսնցնէր։

Ճամբաները մութ չէին։

Պարզապէս մարդուն հոգին աւելի ընդարձակ էր, քան իր մասին ունեցած գիտելիքը։

Ան կը կրէր վախեր, որոնք անուն չունէին, սպասումներ, որոնց ծագումը չէր յիշեր, եւ հարցումներ, որոնք կարծես իրմէ առաջ ծնած ըլլային։

Ժամանակի ընթացքին ան սկսաւ դիտել ոչ միայն աշխարհը, այլ նաեւ այն, ինչպէս աշխարհը կը նայի ինքն իր վրայ։

Եւ այնտեղ սկսաւ խզումը։

Մարդիկ կը տեսնէին աշխարհը իրենց մտքին մէջ պատրաստած ձեւով։

Եւ այդ պատրաստ պատկերները աւելի իրական կը թուէին, քան իրականութիւնը։

Ան կը տեսնէր, որ գաղափարները կը դառնային դրօշներ։

Դրօշները՝ պատեր։

Պատերը՝ հեռաւորութիւններ։

Պատերազմները կը շարունակուէին։

Հայրենիքներ կը մեծանային։

Կուսակցութիւններ կը բազմանային։

Ճշմարտութիւնները կը բաժնուէին։

Եւ այդ բոլորին մէջ մարդը երբեմն կը կորսուէր մարդէն։

Թերեզան կը դիտէր, թէ ինչպէս հայրենիքը կրնայ դառնալ մեծ բառ մը։

Բաւական մեծ՝ միլիոնաւոր մարդիկ գրկելու համար։

Բայց երբեմն ոչ այնքան մօտ, որ լսէ մէկ հոգիի լռութիւնը։

Ան կը տեսնէր նաեւ, թէ ինչպէս գաղափարները երբեմն կը պահանջէին ամբողջական հաւատարմութիւն։

Կը խոստանային ուղղութիւն։

Կը խոստանային պատասխաններ։

Կը խոստանային ապահովութիւն։

Եւ կամաց-կամաց մարդը կը սկսէր աշխարհը տեսնել իրեն տրուած ակնոցներով։

Շատեր կը կարծէին, թէ կը մտածեն ազատ։

Մինչդեռ անոնք արդէն կը կրկնէին ուրիշներուն մտածումները։

Թերեզան այդ պահերուն աւելի կը վստահէր ազատ հարցումին, քան պատրաստ պատասխանին։

Որովհետեւ կը զգար, որ միտքը, երբ կը դադրի հարցնելէ, կամաց-կամաց կը սկսի կրկնել։

Ան կը տեսնէր նաեւ, թէ կրօնքը, որ ծնած էր մարդուն հոգիին խոր ծարաւէն, ժամանակի ընթացքին ծանր զգեստներ հագած էր։

Միութեան մասին խօսքեր կային։

Եղբայրութեան մասին խօսքեր կային։

Սիրոյ մասին խօսքեր կային։

Այդ խօսքերը գեղեցիկ էին։

Ինչպէս հեռուէն լսուած զանգեր։

Անոնք կը բարձրանային եկեղեցիներու կամարներուն տակ։

Ժողովներու սրահներուն մէջ։

Հանդիսաւոր հանդիպումներու ընթացքին։

Բայց երբ պահը կը հասնէր սուրբ սեղանին մօտ, տակաւին սպասում մը կը մնար։

Ձեռքեր կային, որոնք իրարու կ՛երկարէին։

Դռներ կային, որոնք ամբողջովին չէին բացուած։

Սուրբ Հաղորդութիւնը միութեան խորհուրդ կը կոչուէր։

Նոյն Քրիստոսը։

Նոյն Աւետարանը։

Նոյն աղօթքը։

Եւ սակայն երբեմն Թերեզան կը տեսնէր, որ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդները միութեան մասին կը խօսէին աւելի դիւրութեամբ, քան միեւնոյն սեղանին մօտ կանգնելը։

Բառերը կը հանդիպէին։

Ձեռքերը կը սեղմուէին։

Պաշտօնական ժպիտներ կային։

Բայց Սուրբ Հաղորդութեան պահուն դեռ կային սահմաններ։

Թերեզան չէր գիտեր աստուածաբանական բացատրութիւնները։

Բայց անոր հոգին պարզ հարցում մը կը պահէր։

Եթե սէրը մարդոց միջեւ կամուրջ կը կառուցէ, եթե եղբայրութիւնը իրականութիւն մըն է, ապա ինչո՞ւ միեւնոյն հացը տակաւին կը սպասէ միեւնոյն սեղանին շուրջ։

Եւ այդ հարցումը անոր մէջ կը մնար։

Ինչպէս մոմի բոց մը, որ լուռ կը վառի եւ լուռ կը հարցնէ։

Ան կը լսէր նաեւ այն լուռ յուսախաբութիւնները որոնք չեն ըսուիր բարձրաձայն։

Այն պահերը, երբ սրբութեան մասին խօսքը չի հանդիպիր կեանքին։

Երբ կառոյցները աւելի կարեւոր կը դառնան, քան մարդը։

Երբ կանոնները աւելի երկար կ՚ապրին, քան անոնց ստեղծման պատճառը։

Եւ այդ դիտումին մէջ քաղաքական, գաղափարական եւ կրօնական համակարգերը սկսան իրարու նմանիլ։

Մեծ բառեր։

Բարձր պատեր։

Եւ անտեսանելի ճեղքեր։

Մարդը կը խօսէր բարձր, որպէսզի չլսէր իր ներսի լռութիւնը։

Ան կը տեսնէր նաեւ, որ մեծ պատերազմները միշտ ալ հեռու երկիրներու մէջ չէին սկսեր։

Երբեմն անոնք ընտանիքի մը սեղանին շուրջ կը ծնէին։

Ժառանգութիւն մը։

Հողակտոր մը։

Քանի մը թուղթեր։

Քանի մը դրամներ։

Եւ յանկարծ արիւնակցութիւնը կը դառնայ հաշիւ։

Յիշատակները՝ պահանջ։

Սէրը՝ վէճ։

Տարիներ շարունակ մարդիկ նոյն տան մէջ կ՚ապրէին։

Նոյն հացը կը կիսէին։

Նոյն վիշտերը կը կրէին։

Բայց երբ ժառանգութիւնը կը հասնէր, երբեմն տարիներու գուրգուրանքը կը պարտուէր քանի մը թիւերու դիմաց։

Եւ այդ պահերուն Թերեզան աւելի յստակ կը տեսնէր, թէ որքան փխրուն են մարդոց կառուցած վստահութիւնները։

Երբեմն Թերեզան կը զգար, որ աշխարհի անհանգստութիւնը միայն փողոցներուն մէջ չէր։

Անիկա հոգիներուն մէջ էր։

Նոյն փոթորիկը, որ ազգեր կը շարժէր, երբեմն մարդու մը սրտին մէջ ալ կը բնակէր։

Եւ այդ պատճառով ուրիշներու թուլութիւնները տեսնելով չէր շտապեր դատել։

Ան կը ճանչնար այդ ստուերները։

Երբեմն ուրիշներուն մէջ։

Երբեմն իր մէջ։

Թերեզան իր փխրունութիւնը չէր թաքցներ ինքն իրմէ։

Անոր մէջ գաղտնի ուժ մը կար։

Ինչպէս ճեղք մը, որմէ լոյսը ներս կը մտնէ։

Ան կը փորձէր մօտեցնել այն, ինչ աշխարհը կը բաժնէր։

Երբեմն բառերով։

Երբեմն լռութեամբ։

Երբեմն միայն ներկայութեամբ։

Բայց աշխարհը դանդաղ կը փոխուի։

Շատ դանդաղ։

Երբեմն այնքան դանդաղ, որ սերունդներ կը սպառին սպասելու ընթացքին։

Երբեմն ան կը մտածէր, թէ մարդկութիւնը հսկայ ծառի մը կը նմանի։

Ամէն ճիւղ իր պատմութիւնը ունի։

Ամէն տերեւ իր վէրքը։

Իսկ արմատները նոյն խաւարին մէջ ջուր կը խմեն։

Թերեւս այդ պատճառով մարդոց բաժանումները երբեմն այնքան տարօրինակ կը թուէին իրեն։

Վախերը իրարու կը նմանէին։

Յոյսերն ալ։

Ցաւերն ալ։

Երազներն ալ։

Գիշերները, երբ երկինքը կը բացուէր անոր վրայ, Թերեզան կը զգար, որ տիեզերքը չի ճանչնար պետութիւններ, կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ, սահմաններ։

Հեռաւոր աստղերուն համար մարդոց բաժանումները նշանակութիւն չունէին։

Այդ բոլորը մարդուն փորձերն էին իմաստ տալու իր գոյութեան։

Այդ պահերուն իր անունը այլեւս ծանրութիւն չէր։

Անոր յիշողութիւններն էին։

Անոր ճամբաները։

Անոր լռութիւնները։

Անոր վերապրումները։

Եւ որքան ալ ուզէր փոխել անունը, չէր կրնար փոխել այն հոգին, որ այդ անունին հետ քալած էր ամբողջ ճամբան։

Կը մնար միայն հարցումը։

Գաղափարէ աւելի հին։

Պատասխանէ աւելի համբերատար։

Եւ գիշերներուն, երբ աշխարհը լուռ կ՚ըլլայ, Թերեզան տակաւին նոյն հարցումը կու տայ ինքն իրեն.

«Ո՞վ եմ ես, երբ բոլոր անունները լռեն»։

Իսկ գիշերը պատասխան չի տար։

Աստղերը պատասխան չեն տար։

Եւ թերեւս հարցումը աւելի հին է, քան բոլոր պատասխանները։

Բէթրօս
Վիէննա, վեց Յունիս երկուհազարքսանվեց թուական