Կազմակերպութեամբ «Քեսապ Հայրենակցական Միաւորում»-ին,
Ուրբաթ, 1 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) կեդրոնէն ներս (Երեւան, Բաղրամեան 18), տեղի պիտի ունենայ Պատմական Գիտութիւններու Տոքթօր Յակոբ Չոլաքեանի նոր գիրքի` «Քեսապի բարբառի բուսանուններու ազգագրական հանրագիտարան»-ի շնորհանդէսը։
Շնորհանդէսի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ գիրքի ներկայացում, գրախօսականներ, տեսերիզներու ցուցադրութիւն և գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:
Աւարտին, հիւրասիրութեան ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ գիրքի վաճառք ու մակագրութիւն հեղինակին կողմէ:
Սիրով կը սպասենք բոլորին:
ՄՈՒՏՔԸ ԱԶԱՏ Է։