Concert
   

ՍԱԼԵՆՏՈԷՆ՝ ԵՐԵՒԱՆ

Համազգային


ՍԱԼԵՆՏՈԷՆ՝ ԵՐԵՒԱՆ
20 sept. 2020   9:00 PM
«Απ’ το Σαλέντο στο Γερεβάν» խորագրով, Աթէնքի «Christmas Theater»ի «City Garden Festival»ի բացօթեայ վայրը:
Greece

ՀԱՄԵՐԳ՝ ՀԱՅԿ ԵԱԶԸՃԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

«ՍԱԼԵՆՏՈԷՆ՝ ԵՐԵՒԱՆ»

Սիրուած, հանրածանօթ երաժիշտ Հայկ Եազըճեանի մասնակցութեամբ, Կիրակի՝ 20 Սեպտեմբեր 2020ին, երեկոյեան ժամը 21:00ին համերգ մը տեղի պիտի ունենայ «Απ’ το Σαλέντο στο Γερεβάν» խորագրով, Աթէնքի «Christmas Theater»ի «City Garden Festival»ի բացօթեայ վայրը:

Յայտագրին մաս պիտի կազմէ յունաիտալական ոճի «ENCARDIA» երաժշտական խումբը:

«Համազգային»ի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան կարգադրութեամբ՝ հետաքրքրուողները կրնան ստանալ յատուկ գինով Բ. գոտիի տոմսակ՝ 10 եւրօ, հեռաձայնելով թատրոնի թիւին՝ 211 7701700, նշելով «Համազգային» անունը:

Համաճարակի նախազգուշութեան պայմաններուն յարմարուելով՝ ներկաները պիտի նստին սեղաններու շուրջ 2, 4 կամ 6 հոգիով:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ