Այս տարի, Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը պիտի ոգեկոչէ հայկական ցեղասպանութեան 110 ամեակը մշակութային բնոյթով։ Ուստի, կազմակերպած է նկարչական գործերու ցուցահանդէս մը, ուր տեղւոյս արուեստագէտներու գործերը հանդէս պիտի գան ցեղասպանութեան եւ վերածնունդի թեմայով։ Բացումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ Ապրիլ 25-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին եւ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի շաբաթ եւ կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 10:00-18:00, նորակառոյց Galerie Angelina-ին մէջ։