Ուրբաթ 20 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի կատարուի Մեծ Պահոց Չորրորդ Հսկումի -Խաղաղական եւ Հանգստեան- Ժամերգութիւն, ապա Նախատօնակ՝ «Սրբոց Քառասնից Մանկանց» տօնին առթիով:
Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցէ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Օրուան յատուկ շարականի երգեցողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ Ատեանին մէջ, պիտի վառուին քառասուն լապտերներ:
Պիտի յաջորդէ թէյասեղան եւ պահքի պատշաճ հիւրասիրութիւն: