Քարոզչական տաղաւարներու գործունէութիւնը
լայն հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ անցեալ շաբաթէն սկսեալ գործեցին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան քարոզչական տաղաւարները, որ յոյն հասարակութեան եւ օտար զբօսաշրջիկներու շատ մեծ թիւի մը ներկայութիւնը ապահովեցին՝ Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակին եւ Թեսաղոնիկէի Սպիտակ Աշտարակին առջեւ։ Անցնող բոլոր այս օրերուն ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները հերթով պարտականութիւն ստանձնեցին, հսկելով աշխատանքին ու տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ փոխանցելով անցորդներուն եւ թռուցիկներ բաժնելով։ Հայ Դատի վերաբերեալ շատ լայն արձագանգի արժանացող գործունէութիւն մըն են տաղաւարները, որ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի վկայութիւնն ու իմաստը կը փոխանցեն օտար հասարակութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական պատգամներ փոխանցող ու լուսաբանող թռուցիկներ եւ գրքոյկներ կը տրամադրեն ժողովուրդին։ http://azator.gr/?p=12810
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ պիտի զետեղուին քարոզչական տաղաւարներ:
Ուրբաթ՝ 19 Ապրիլէն մինչեւ Չորեքշաբթի՝ 24 Ապրիլ Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, եւ Աւագ Երկուշաբթի՝ 22 Ապրիլէն մինչեւ Աւագ Չորեքշաբթի՝ 24 Ապրիլ Սպիտակ Աշտարակին առջեւ:
Երիտասարդական Միութեան ընկերները եւ ընկերուհիները անցորդներուն պիտի բաժնեն տեղեկատուական թռուցիկներ՝ Հայ Դատի եւ Արցախի առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ պիտի վաճառեն գիրքեր, ձայներիզներ եւ այլ իրեր։