Պարուսոյցներ՝
Կարէն և Ժագլին Մակինեան
«Քնար» պարախումբը հիմնուած է 1956-ին Տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեաններուն կողմէ։ Իր տարեկան ելոյթին զուգահեռ կը մասնակցի Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող գրեթէ բոլոր փառատօներուն։
Մասնակցած է Պաալպէքի (1965), Պաղտատի (1966) եւ Ֆրանսայի Քոնֆոլենս (1975) միջազգային փառատօներուն։ Ելոյթներ ունեցած է Ապու Տապիի, Քուէյթի, Սուրիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պարսկաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Հայաստանի մէջ։ 2016-ին խումբը արժանացած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ շքանշանին։