Mass
   

Յիշատակ ապրիլեսն նահատակներուն 1915–2025

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Յիշատակ ապրիլեսն նահատակներուն 1915–2025
24 avr. 2025   5:00 PM
«Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի բակին մէջ, Ժէիթաուի
Beirut - Lebanon

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Նախագահութեամբ

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.

Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Կը քարոզէ

Գերյարգելի Հ. Գրիգորիս Ծ. Վ. Սերէնեան

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի բակին մէջ, Ժէիթաուի: Մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն։

Ս. Պատարագի աւարտին, հանդիսաւոր թափօրը կ'ուղղուի դէպի պատրիարքարանի բակը, ուր Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւ պիտի կատարուի աղօթք: Փոխադրամիջոցներ տրամադրուած պիտի ըլլան հետեւեալ կեդրոններուն մէջ կե. 4:00-ին,

- Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան (Պուրճ Համուտ)

- Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան (Զալքա)

Հայ ժողովուրդը հրաւիրուած է յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեր բոլոր նահատակներուն: