Public lecture
   

Բանախօսութիւն. «Մխիթար Աբբահօր քայլերուն հետեւելով․ Նախքան Ս. Ղազար կղզին, Մխիթարեան միաբանութեան առաջին կռուանը՝ Մեթոնի բերդաքաղաքը»

Տոքթ. (PHD.) Սեպուհ Ասլանեան


Բանախօսութիւն. «Մխիթար Աբբահօր քայլերուն հետեւելով․ Նախքան Ս. Ղազար կղզին, Մխիթարեան միաբանութեան առաջին կռուանը՝ Մեթոնի բերդաքաղաքը»
19 sept. 2025   7:00 PM
«Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

Բանախօս` Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան Հայոց Պատմութեան Ամպիոնի Վարիչ եւ ուսուցչապետ (Proffessor) Լոս Անճէլըսի Քալիֆորնիոյ Համալսարանի (UCLA) Տոքթ. (PHD.) Սեպուհ Ասլանեան:

Բանախօսութեան մասին.

Մխիթար Աբբահօր քայլերուն հետեւելով․ Նախքան Ս. Ղազար կղզին, Մխիթարեան միաբանութեան առաջին կռուանը՝ Մեթոնի բերդաքաղաքը

Ականաւոր պատմաբան եւ եզակի բանասէր Հայր Ներսէս Ակինեան՝ Մխիթարեան Միաբանութեան երկու հարիւրամեայ յոբելեանին առիթով գրած իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ակնարկ մը կը նետէ 1703-ին Կոստանդնուպոլիսէն Պեղոպոնեսիա ապաստանելէ ետք Մխիթար Աբբահօր հիմնած Միաբանութեան առաջին վանքին եւ եկեղեցիին՝ Վենետիկի իշխանութեան ենթակայ Մեթոնի բերդաքաղաքին պարիսպներէն ներս, ուր գործած է մինչեւ 1715, նախքան Վենետիկ տեղափոխուիլը։ Գրելով Միաբանութեան այս առանցքային շրջանի պատմութեան մասին, մեծահամբաւ բանասէրը դիտել կու տայ թէ ինչպէ՛ս այս թերակղզիին չնաշխարհիկ մէկ վայրին մէջ Մխիթարը սահմանադրութիւն մշակած է, Իտալերէն սորված է, ձեռագիրներ հեղինակած է եւ արժանացած՝ Հռոմի ճանաչումին։ «Այսպէս Միաբանութիւնն ի Մեթոն իւր կատարեալ կերպաւորութիւնն առաւ», կը գրէ Ակինեան։

Հակառակ Միաբանութեան պատմութեան մէջ այս ժամանակաշրջանի հիմնարար դերին, Մեթոնիի հանգրուանը կը մնայ Մխիթարի եւ իր միաբանութեան խիստ հարուստ ժառանգութեան ամենէն խորհրդաւոր եւ չուսումնասիրուած էջը։ Արդարեւ ԺԸ դարու պատկառելի վանական եւ Մխիթարի առաջին հետեւորդներէն՝ Մատթէոս Եւդոկիացին եւ միաբանակից վանականներ ճոխ նկարագրութիւններ նուիրած են Մեթոնիի վանքին եւ եկեղեցիին հաստատման, սակայն Մեթոնին գրեթէ չէ հետազօտուած Միաբանութեան երկարատեւ պատմութեան մէջ։ Նոյնիսկ եկեղեցիին եւ մենաստանին յետ-1715-ի պատմութիւնը մշուշապատ է, եւ այսօր անոնց ճիշդ վայրը իբրեւ անյայտ ուրուական եւ անլոյծ առեղծուած կը տատանի մեր դիմաց։

Սոյն դասախօսութեան նպատակը նոր լոյս սփռելն է Մեթոնիի մութ շրջանի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր պատմութեան վրայ՝ Մատթէոս Եւդոկիացիի մինչեւ օրս չհրատարակուած «Ժամանակագրութեան» եւ այլ սկզբնաղբիւրներու հիմամբ, ինչպէս նաեւ 2025-ի ամառը հեղինակին կատարած հետախուզական արշաւին եւ պեղումներուն բացայայտումներով։ Յենելով ցարդ չուսումնասիրուած կամ նոյնիսկ անտեսուած աղբիւրներու՝ դասախօսութիւնը կը ներկայացնէ Մխիթարի եւ իր միաբանութեան տեղափոխութիւնը դէպի Յունաստանի ափերը եւ կազմաւորումը այդտեղ։ Դասախօսութիւնը յատուկ լոյսի տակ կ՛ուսումնասիրէ թէ ինչպէ՛ս Միաբանութեան երկու կարեւորագոյն սիւները՝ Վենետիկի պետականութիւնն ու հայ առեւտրական դրամագլուխի օժանդակութեան ձեռքբերումը արդէն իսկ հաստատուած էին տարաշխարհիկ Մեթոնիի մէջ։