Public lecture
   

Սուրէն Շէրիք - Բանախօսութիւն եւ գիրքի ներկայացում ՝ «Ի՞նչ գիտենք» (հեղինակ՝ Սուրէն Շէրիք, Բ. հատոր, Փարիզ, 2025)

Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոց


Սուրէն Շէրիք - Բանախօսութիւն եւ գիրքի ներկայացում ՝ «Ի՞նչ գիտենք» (հեղինակ՝ Սուրէն Շէրիք, Բ. հատոր, Փարիզ, 2025)
3 oct. 2025   7:00 PM
«Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

Սիրով Ձեզ կը հրաւիրենք ներկայ գտնուելու քիմիագիտութեան դոկտոր եւ փիլիսոփայական մտորումներով հատորներու հեղինակ՝ Սուրէն Շէրիքի բանախօսութեան եւ նոր հրատարակուած հատորի ներկայացման.

Բանախօսին մասին.

Քիմիագիտութեան դոկտոր Սուրէն Շէրիք ծնած է Կոստանդնուպոլիս: Յաջորդաբար աւարտած է Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը, Կոստանդնուպոլսոյ համալսարանի քիմիագիտութեան ճիւղը՝ վկայուելով որպէս բարձր ճարտարագէտ: Դոկտորական տիտղոսը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ Թեքնիք համալսարանէն:

1976-էն ի վեր հաստատուած է Ֆրանսա:

Ճարտարարուեստական գործունէութենէն առաջ երկար տարիներու ուսուցչական փորձառութիւն ունեցած է:

Հայատառ մամուլին մէջ գիտական այժմէութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հասարակական բնոյթով բազմաթիւ յօդուածներ եւ պատմուածքներ ստորագրած է:

Իր գիտական բնոյթի յօդուածներու հաւաքածոն «Գիտական-Այժմէական» խորագրով, գիտական-հասարակական յօդուածներու առաջին հաւաքածոն «Ի՞նչ գիտենք», իսկ պատմուածքները՝ «Իսթանպու-Փարիզ-Լոս Անճելըս» խորագիրներով գիրքի վերածուած են:

Ֆրանսահայ երիտասարդութեան հայերէնը բարելաւելու միտող երկլեզու գիրքը «Երկլեզու գործնական բառամթերք» խորագրով լոյս տեսած է 2017-ին:

16 տարիէ ի վեր ֆրանսահայ «Այլ-FM» ձայնասփիւռի կայանին կ'աշխատակցի:

***

Մէջբերում մը հեղինակէն.

«Ի՞նչ է փիլիսոփայութիւնը, ի՞նչ է ազգը, մոլորակային ջեռուցում, լազեր ճառագայթներ, արտմոլորակայիններ, Ծիր կաթին, արհեստական բանականութիւն, փաթեթաւորում, խելագարութիւն, թռչող սկաւառակներ, արեան դասակարգեր, սէր եւ տակաւին նմանօրինակ տասնեակ տարբեր հարցեր, որոնց հետ մեր առօրեային մէջ դէմ յանդիման կը գտնուինք եւ յաճախ առիթը կամ ժամանակը չունինք խորանալու, անոնց լուսաբանութիւնը ձեռք ձգելու համար: Այս հատորը նպատակը եւ հաւակնութիւնը ունի այդ պաշտօնը կատարելու: