ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔ ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍ-ՖԻՔՍԻ Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սիրելի Ծխականներ եւ ուխտաւոր հայրենակիցներ:
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք ձեզ, թէ Կիրակի 11 Յունուար 2026-ին, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ աւանդական մատաղօրհնութեամբ պիտի նշուի եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնը:
Այս առթիւ, պիտի խնդրենք մեր ուխտաւոր ժողովուրդի զաւակներէն, փոխան մատաղի նուիրահաւաքի աշխատանքը դիւրացնելու համար, կապի մէջ մտնել մեզի հետ՝
> եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ 2109215452 – 6974431561,
> պրն. Նազարէթ Դաւիթեանին՝ 2109029443 - 6955043003 եւ
> տիկ. Հռիփսիմէ Գարամանեանին՝ 2109320544 - 6932134121:
Ձեր գործնական մասնակցութեամբ, պիտի կարենանք լաւագոյնս պատրաստել օրուան աւանդական մատաղը եւ պատշաճ ձեւով նշել մեր շրջանի ուխտակատար՝ Սուրբ Կարապետին տօնը:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ