Theater
   

Թատերական ընթերցում - Անյայտ թատերագիրներ

Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոց


Թատերական ընթերցում - Անյայտ թատերագիրներ
2 août 2026   8:59 PM
Լեռ Կամսար 29 (Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

Թատերական ընթերցում

Անյայտ թատերագիրներ

Թատերագիրներ՝ Արամ Անտոնեան եւ Ռուտոլֆ Սամիկեան (Տօմինօ)

Խաղեր՝ «Ֆէմինիզմ», «Մատանին», «Նոր խաղ», «Մահազդ կը խմբագրուի»

Վայր՝ «Յառաջ» կեդրոն

Հասցէ՝ Լեռ Կամսար 29 (Ամերիկեան համալսարանին մօտ)

Օր՝ Կիրակի

Թուական՝ 2 Օգոստոս 2026

Ժամ՝ 19:00

Դերերը ընթերցողներ.

- Այտա Մինասեան

- Մայտա Պոշկէզէնեան

- Շուշան Փիլիպպոսեան

- Ներսէս Արոյեան

- Աբիկ Չագրեան

- Պետրոս Չաւիքեան

***

ԱՆՅԱՅՏ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐՆԵՐ

19-րդ դարու աւարտին ու 20-րդ դարու սկիզբը հայ գրողներ փորձարկած են թատերագրութիւնը եւ բախտաւորութիւնը ունենցած հրատարակուելու «Ծաղիկ»-ի եւ անոր նման այլ գրական հանդէսիներու մէջ, նոյնիսկ եթէ բեմադրուելու առիթ չեն ունեցած։ Այս է պարագան Արամ Անտոնեանի եւ Ռուտոլֆ Սամիկեանի՝ ճանչցուած «Տօմինօ» գրական ծածկանունով։

Ներկայ թատերական ընթերցումին մէջ ընդգրկուած են Արամ Անտոնեանէն 2 թատերակներ, որոնք կը շօշափեն ամուսնացած զոյգերու յարաբերութիւնները, տռամը անզաւակ զոյգերու, ամուսնական հրապոյրէ զուրկ անոնց անհամաձայնութիւնները: Խաղերէն մէկուն ետին կայ ընկերային նոր գաղափարախօսութեան մը՝ Ֆէմինիզմի նորայայտ տեսութիւնը, իսկ երկրորդին՝ քմայքոտ կնոջ մը տագնապումը։ Երկուքին պարագային ալ Անտոնեան ցոյց կու տայ ընտանիքներէ ներս կնոջ դերի կարեւորութեան ուռճացումը, նոր ընկերային իրադրութեան մէջ տղամարդու հեղինակութեան հարցադրումը։

Ռուտոլֆ Սամիկեանի «Նոր խաղ»-ը նորէն կ՚անդրադառնայ այրիացած մօր ու անոր այրիացած աղջկան լարուած յարաբերութիւններուն, ուր կը բախին եւրոպական ու արեւելեան աւանդական բարքերը՝ սեռերու փոխայարաբերութեան մէջ։ «Մահազդը կը խմբագրուի» թատերակին մէջ Սամիկեան մահազդի մը խմբագրութեան ընդմէջէն կը բացայայտէ հանգուցեալի ընտանքին ու անոնց ազգականներուն միջեւ ծագած թշնամութիւնը, սրտնեղութիւնը… որ ամփոփ կերպով կը պատկերացնէ պոլսահայ ընկերութեան բարքերը։

«Ծաղիկ» գրական թերթը հրատարակած է «Նոր խաղ» եւ «Մահազդը կը խմբագրուի» թատերակները։ «Ծաղիկ»-ը լոյս տեսած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1886-1908 թուականներուն փոփոխակի պարբերականութեամբ՝ աշխատակից ունենալով արեւմտահայ մտաւորական նորայայտ դաս մը։ «Ծաղիկ»-ի մէջ արտացոլած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի արեւմտահայ գրականութեան զարգացման ընթացքը։