Վարժարանիս 200ամեայ միջոցառումներու ծիրէն ներս հետազօտող-վերականգնող Աւետիս Այտընեանի համակարգութեամբ «Կրթական հաստատութիւն մը, որ ունի տեսլական - Վիեննական Մխիթարեան Վարժարան 200 տարեկան» խորագրեալ ցուցահանդէսը 25 Մայիս-1 Յունիս 2025 թուականներու միջեւ այցելուներու հետ պիտի ժամադրուի վարժարանիս բազմանպատակ հանդիսասրահին մէջ:
Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանի արխիւէն և Աւետիս Այտընեան հաւաքածոյէն ընտրուած լուսանկարներէ, իրերէ, փաստաթուղթերէ և գիրքերէ կազմուած ցուցահանդէսը վերոնշեալ թուականներուն ժամը 08:00-19:00ի միջեւ պիտի հիւրընկալէ իր այցելուները:
Սիրով կը հրաւիրենք ձեր բոլորը այցելելու սոյն ցուցահանդէսը, որ կը նպատակադրէ մասամբ լոյս սփռել Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանի պատմական անցեալին վրայ: