Theater
   

«Աղերսագիր» - թատերական ընթերցում-ներկայացում

Haratch


«Աղերսագիր» - թատերական ընթերցում-ներկայացում
22 févr. 2026   7:00 PM
Ler Kamsar 29
Yerevan - Armenia

Թատերական ընթերցում

🗣 Նիւթ՝ «Աղերսագիր»

🖋️ Հեղինակ՝ Վարուժան Աճէմեան

📅 Կիրակի՝ 22 Փետրուար 2026

🕖 Երեկոյեան ժամը 7

📌 «Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)

Բեմադրիչ՝ Ժիրայր Չոլաքեան

Ընթերցողներ՝

- Աբիկ Չագըրեան

- Մայտա Պոշկէզէնեան

- Այտա Մինասեան

- Պետրոս Չաւիքեան

- Շուշան Փիլիպպոսեան

***

Վարուժան Աճէմեան,

Ունի քսանէ աւելի թատերգութիւններ։ Բառին բուն իմաստով չյայտնաբերուած թատերագիր է։ Թատերագրութիւնը եղած է իր գրական ասպարէզին առանցքը։ Գրած է Պոլիս ապրած ժամանակ մինչեւ 1956 եւ անկէ ետք երբ հաստատուած է Պուէնոս Այրես։

Վարուժան Աճէմեանի մօտ թատրոնի հանդէպ սէրը ծնունդ առած է, ինչպէս ինք կը նշէ իր «Ակնարկ մը իսթանպուլահայ թատրոնին վրայ» գրութեան մէջ. «Բայց բեմը իր զրկանքներուն եւ դժուարութիւններուն կողքին ունի կախարդական հմայք նաեւ, որուն զիս տեղեակ պահեց Ետուար Երէցեան, որ երեսունական եւ քառասունական թուականներուն ապրողներուս համար ծանօթ դէմք մը եղած է իր Երիտասարդաց Թատերախումբով։ Ես քսանիս մէջն էի այն ատեն, ան ինձմէ քսան մը աւելի։ Նոր էի սկսեր գրական թոթովանքներուս, հետեւաբար շուտ եղաւ մեր բարեկամութիւնը։ Ներկայ եղայ անոնց փորձերուն եւ ականատես մնացի խմբական աշխատանքներու։ Իր կողակիցը՝ նոյնպէս դերասանուհի, նեցուկն էր ամուսինին։ Փորձերու ժամանակ իր համեստ յարկաբաժինը կը վերածուէր Մեղուի փեթակի, ու կը նկատէի թէ ինչպէս կը կառուցուէր բեմը, իսկական բեմին վարագոյրը բարձրանալէն առաջ։ Երբէք պիտի չմոռնամ այդ երջանիկ օրերս, զորս ապրեցայ Երէցեան ամոլին եւ դերակատարներուն հետ, ունկնդիր մնալով նախ անոնց կատակախառն խօսակցութեան, եւ ականատես փորձերուն խստապահանջութեան։ Յետագային, անոնց նետած սերմերը զիս պիտի առաջնորդէին թատերագրութեան»:

Խօսելով պոլսհայ թատերական միջավայրին մասին, ան կը շարունակէ. «Անմիջապէս նշելու եմ թէ՝ տարին հազիւ մէկ ներկայացում կ՚ունենային։ Այս պարագային ՝ քիչ մը աւելի շեշտուած կ՚ըլլայ թէ թատրոնը ինչ տարողութիւն ունեցած է իսթապուլահայ կեանքէն ներս։ Անշուշտ Երէցեան առանձին չմնաց։ Հրապարակ իջաւ բեմի սիրահար մը եւս. Գէորգ Գապարաճեանը…»։

Աւելի անդին կը նշէ թէ Բ. Աշխարհամարտէն ետք ստեղծուեցաւ «Մխիթարեան սանուց միութիւն»-ը, որ կարճ ժամանակի ընթացքին ունեցաւ սեփական շէնքը ընդարձակ սրահով, լայն բեմով, ուր աչքի զարնուեցաւ Պերճ Ֆազլեանը իբր դերասան եւ դերուսոյց: Ներկայացուացուեցան Շէքսբիրի «Ռոմէօ եւ Ճուլիէթը» եւ Չէխովի «Վանիա Մօբար»-ը:

«Սանուց միութիւնը օժտուեցաւ «Սան» գրական ամսագրով եւ Ռոպէր Հատտէճեանի, Զահրատի եւ իմ հսկողութեան ներքեւ, նկատի ունենալով որ երեքս կազմած էինք մեր վերնատունը, հինգ նշանաւորներու վերնատան նման: կարծես եկեր էր ժամանակը իսթանպուլահայ գրական անդաստանը զարդարելու եւ ամբողջական դարձնելու նաեւ՝ թատերագրութեամբ: Եւ չուշացանք: Իմ եւ Հատտէճեանի մեծագոյն փափաքն էր թատերագրութիւնը: ... 1951, 1952 եւ 1954 տարիները եղան անկիւնադրաձ ինծի համար վերջապէս: Առաջինը՝ «Պատուհանը բաց չեն թողուր» տրամայիս ներկայացումը, որուն յաջորդեցին երկու զաւեշտներս: 1958-ին Իսթանպուլէն հեռանալէս յետոյ... Ռոպերթ Հատտէճեան երկրորդեց զիս ու գրեց «Կեանքի մը երեք կիրակիները» եւ «Վաստակը»»(«Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ», Ա. հատոր, Հեղինակ՝ Կարօ Աբրահամեան, Անթիլիաս, 2004):

***

«Աղերսագիր»

1978-ին հրատարակուած «Աղերսագիր»-ը Սփիւռքի հայ համայնքներու մէջ ընդհանրացած սուր տագնապներու անդրադարձն է։ Այստեղ քննութեան առարկան Արժանթինի հայ վարժարանն է ու եկեղեցին, սակայն, արծարծուած խնդիրները այնքան ընդհանրական են, որ Սփիւռքի մէջ որեւէ հայկական վարժարանի պարագան կրնայ ըլլալ։ Դասարաններու անբաւարարութիւնը, անյարմարաւէտութիւնը, կրթութեան որակը, հայերէն լեզուի կարեւորութիւնը, իմացութիւնը, ուսուցիչներու վարձատրութիւնը, հոգեւոր հովիւինը նոյնպէս, անոնց կենցաղային հարցերը, բնակութեան վայրը, մահէն ետք զանոնք պատուելու նախանձախնդրութիւնը…

Վարուժան Աճէմեանի տիպարները ինքնորոյն են, ունին իրենց նկարագիրն ու լեզուն եւ հեղինակին առաւելութիւնն է հարցերը երգիծանքով ներկայացնելու կարողութիւնը։

Ազգային տռամը իր բնական լուծումը կը գտնէ տռամի զոհ անձին մահով։ Երբ անձը կը մահանայ, տռամն ալ հետը կը մահանայ։ Սակայն, ծայր կ՚առնէ նոր տռամ մը, ինչպէ՞ս փոխարինել մահացած ուսուցիչը…

***

Հեղինակին մասին.

Վարուժան Աճէմեան (1917, Պոլիս - 2006, Պուէնոս Այրէս)

Ուսանած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Աշխատակցած է Իսթանպուլի գրեթէ բոլոր թերթերուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Շիրակ»-ին:

1956-ին անցած է Արժանթին հաստատուելով Պուէնոս Այրէս: Պաշտօնավարած է տեղւոյն վարժարաններուն մէջ, վարած է «Սարդարապատ», «Արարատ» եւ «Շարժում» շաբաթաթերթերու խմբագրութիւնը:

Գրական ասպարէզ մտած է կանուխ տարիքէն, գրած է վէպ, պատմուածք եւ թատերգութիւն: Իր խաղերը բեմադրուած են Պոլսոյ եւ Պուէնոս Այրէսի բեմերուն վրայ: Պատմուածքներու ժողովածուներէն յիշենք. «Քովընտի փողոցը» (Պոլիս, 1949), «Լռութենէն անդին» (Պուէնոս Այրէս, 1993) եւ «Ուրիշ առաւօտ մը» պատմուածքներու եւ թատրերգութիւններու ժողովածուն, (Երեւան, 1999)։

***

Վարուժան Աճէմեանի խաղերուն ցանկը.

Հրատարակուածներ.

- «Պատուհանը բաց չեն թողուր» (1951, Իսթանպուլ)

- «Ամէն մարդ իր թուղթը ունի» (1957, Իսթանպուլ)

- «Կեանքի մը վրայ նայիլ» (1964, Պուէնոս Այրս)

- «Յիշատակ» (1964, «Շիրակ», Պէյրութ)

- «Հանդիպում կամուրջի վրայ» (1965, Երեւան)

- «Ռուբէն եւ Խուլիա» (1977, Երեւան)

- «Լռութիւնէն անդին» (1978, Պուէնոս Այրէս)

- «Աղերսագիր» (1978, Պուէնոս Այրէս)

- «Կէս գիշերէն լուսաբաց» (1981, Պուէնոս Այրէս)

- «Յանցանքի մը մեկնաբանութիւնը» (1982, Երեւան)

- «Ներսէն եւ դուրսէն» (անթուակիր)

- «Հողի կանչ» (1984, Պուէնոս Այրէս)

- «Խորհրդատուն» (1984, Երեւան)

- «Անպաշտօն ժողով» (1991, Երեւան)

- «Ուրիշ առաւօտ մը» (1999, Երեւան)

Անտիպներ.

- «Մենաւորները»

- «Հին օրեր, նոր օրեր»

- «Հանրային պարտէզ, նստարան մը եւ մնացեալները»

- «Փեսաս նկարիչ է»

- «Այստեղէն բազմութիւն մը անցաւ»

- «Աշխարհը՝ սրճարանի մը անկիւնէն»