Գրիգոր Պըլտեան Սփիւռքի վերջին 60 տարիներու մնայուն անուններէն մէկն է, հաւանաբար մեծագոյնը։ Ծնած է Պէյրութ 1945ին։ Գրական փորձերը սկսած է կանուխ տարիքէն Ճեմարանի «Ջահակիր» լսարանական պարբերականի էջերուն մէջ, ապա 1966ին Գրիգոր Շահինեանի ու Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ հիմնած «Ահեկան» գրական եռամսեան։ 1967ին մեկնած է Փարիզ ու փիլիսոփայութեան դոկտորականը պաշտպանած 1973ին։ 1978էն սկսեալ շուրջ 40 տարի հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ, ինչպէս նաեւ գրաբար եւ մատենագիտութիւն Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։
Առաջին գիրքը եղած է «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար.» խորագրուած հատորը, լոյս տեսած 1976ին, որ փորձ մըն է Պէյրութի մէջ ծագած դէպքերն ու անոնց քանդումը բերելու բանաստեղծութեան ու լեզուի ոլորտէն ներս։ Ատկէ սկսեալ հատորները յաջորդած են իրար՝ առ այժմ 50է աւելի, բանաստեղծականին միացնելով քննադատական ու 1997էն ի վեր երկար արձակներու շարքը՝ ինք կը կոչէ պատումներ, որոնցմէ վերջինը՝ 11րդը, «Պարը» խորագրուած լոյս տեսաւ 2025ին։ Անհուն տիեզերք մըն է գրողին արտադրութիւնը, բազմաշերտ ու բազմամակարդակ, գիրի, դպրութեան ու արուեստի բոլոր ճիւղերը պեղող ու ներգրաւող։