Համազգային Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի կերպարուեստի յանձնախումբը կը կազմակերպէ խմբային ցուցահանդէս մը, «Զգացմունք Եւ Արտացոլում» խորագրով:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին հինգ արուեստագէտներ՝ Սեդա Քիւրեճեան, Վանուհի Նշանեան, Լիլիթ Պոյաճեան, Լիտիա Գաբիկեան Լորէնս,եւ Արամ Գազարեան:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի կ'ունենայ Ուրբաթ, 20 մարտ 2026-ին, ժամը
7:30 -ին, եւ կը շարունակուի շաբաթ մարտ 21 ժամը 11:00 -էն 5:00 , եւ կիրակի մարտ 22 ժամը 11:00-էն 3:00, Արմէն Կարօ եւ Շագէ Կէօնճեան կեդրոնէն ներս: