Book Presentation
   

«Ուիլիըմ Սարոյեան - Գրողական սլացքը» քառահատորի ներկայացում.- Յակոբ Փափազեան

Յառաջ Արերմտահայերէնի Աշխատանոց - Haratch Western Armenian Workshop


«Ուիլիըմ Սարոյեան - Գրողական սլացքը» քառահատորի ներկայացում.-  Յակոբ Փափազեան
18 nov. 2025   7:00 PM
📌 «Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

📖Գիրք՝ «William Saroyan - Writing Momentum» («Ուիլիըմ Սարոյեան - Գրողական սլացքը», հեղինակ՝ Յակոբ Փափազեան, «Էլէֆթերիա» հրատարակչատուն, անգլերէն, Փարիզ, 2025)

Սիրով Ձեզ կը հրաւիրենք ներկայ գտնուելու սարոյեանասէր եւ մօտ 40 տարի Սարոյեանի գրականութեան եւ կեանքի ուսումնասիրութեան նուիրած՝ հետազօտող Դոկտ. Յակոբ Փափազեանի «Ուիլիըմ Սարոյեան - Գրողական սլացքը» հատորներու ներկայացման.

Հեղինակին մասին.

Յակոբ Փափազեան

Ծնած է Պուրճ-Համմուտ՝ Լիբանան:

Փիլիսոփայութիւն ուսանած է Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ BA 1972: Աւարտաճառ՝ «Գեղագիտութիւնը փիլիսոփայական մտածողութեան մէջ» խորագրով՝ 1975:

1977-էն ի վեր Փարիզ հաստատուած է:

Ֆրանսայի Փարիզ-3րդ համալսարանէն ստացած է բաղդատական գրականութեան մագիստրոսի վկայական, աւարտաճառ ունենալով «Սարոյեանի վէպը», 1982:

Դոկտորականը ստացած է Փարիզի 7-րդ համալսարանի անգլիական ուսումնասիրութեանց բաժինէն, Ամերիկայի փոքրամասնական գրականութեան ծիրէն ներս, աւարտաճառ ունենալով «Սարոյեանի պատմուածքները» նիւթը:

Յօդուածներու շարք մը հրատարակած է «Յառաջ – Միտք եւ արուեստ»-ի էջերուն՝ գլխաւորաբար թատրոոնի շուրջ՝ Պրեխթ, Պէքէթ,Փիթըր Պրուք, Ճորճիօ Կրթրեհլըր, «Հաց եւ խամաճիկ» թատերական շարժումին շուրջ: Յօդուածաշարք մը Էրնէսթ Ֆիշըրի գեղագիտական յղացքներուն մասին, «Արուեստի անհրաժեշտութիւն» գիրքին շուրջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ Սարոյեանի վէպին եւ թատերգութեան շուրջ:

Համալսարանական ուսման աւարտէն ետք, շուրջ քառասուն տարի, ուսումնասիրած է Սարոյեանի կեանքն ու գրականութիւնը: Տասնամեակներու իր ուսումնասիրութիւնները անգլերէն լեզուով լոյս տեսան 2025-ին Փարիզի Էլէֆթերիա հրատարակչատունէն «William Saroyan - Writing Momentum» խորագրով չորս հատորներու մէջ ամփոփուած:

***

«Յառաջ»-ի կազմակերպութեամբ նաեւ Դոկտ. Յակոբ Փափազեան 29 Նոյեմբերին, ժամը 18:30-ին, պիտի այցելէ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան եւ թանգարանի սարոյեանական նախագիծին մաս կազմելով շրջայց-դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ: Յայտարարութեամբ աւելի ուշ դարձեալ տեղեակ կը պահենք բոլորին: