Course

ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾԻ ԱՌԱՋԱՐԿ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ(ՈՒՀԻ) ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԾԻԼ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ


ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾԻ ԱՌԱՋԱՐԿ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ(ՈՒՀԻ) ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԾԻԼ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
20 août 2022   9:00 AM
Ձեր թեկնածութիւնը ուղարկեցէք հետեւեալ հասցէին. secretariat@tebrotzassere.com
Île-de-France - France

Դպրոցասէր վարժարանի իւրայատկութիւնն է, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ՝ հայերէնի, հայկական մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան փոխանցումը։

Մամկապարտէզը 3 տարէկանէն սկսեալ աշակերտներ կ՛ընդունի 2015 թուականի նոր շէնքի մէջ:

Ծիլ դասարանի բոլոր գործունէութիւնները տեղի կ’ունենան միմիայն հայերէնով։

Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշխատանքները կը կատարուին երկլեզու։ Հայերէնի փոխանցման տրամադրուած են Կոկոնին՝ շաբաթական 20 ժամ, Ծաղիկին՝ 16 ժամ։

2022-2023 տարեշրջանին Ծիլ դասարանին համար կը փնտռուի ուսուցիչ(ուհի) մը, որ

* Կատարելապէս տիրապետէ արեւմտահայերէնին.

* Ըլլայ աշխոյժ, ստեղծագործ, պայծառամիտ, նորութիւններու դիմաց բաց եւ խմբային աշխատանքի ընդունակ.

Գործնական տեղեկութիւններ

Մշտական պայմանագիր.

Ամիսը աշխատանքային 100 ժամ.

Ձեր թեկնածութիւնը ուղարկեցէք հետեւեալ հասցէին. secretariat@tebrotzassere.com





Back to the calendar