Հայերէնը որպէս կենդանի ժառանգութիւն
Հայերէն լեզուի ներկայ խնդիրներուն նուիրուած իւրայատուկ ձեռնարկ մը կը կազմակերպուի Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի նախաձեռնութեամբ եւ Woodbury համալսարանի համագործակցութեամբ։ Միջոցառումը յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ հայերէնի ապագային՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնին։ Ճանչուած մասնագէտ բանախօսներ՝ Փարիզէն լեզուաբան Փրոֆ. Անաիտ Տոնապետեան-Տէմոփուլոս, Լիզպոնէն Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ նորարար ծրագիրներու հեղինակ Տիկ. Անի Կարմիրեան, պիտի ներկայացնեն ժամանակակից գաղափառներ, մանկավարժական մօտեցումներ եւ ստեղծարար կրթական գործիքներ, որոնք նպատակ ունին խթանել լեզուի ուսուցումը, վերակենդանացումը եւ գործնական կիրառումը դասարանային ու համայնքային միջավայրերու մէջ։ Հասարակաբան եւ սփիւռքագէտ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան միջոցառման զեկոյցավարն է։ Այս ծրագիրը յատկապէս նախատեսուած է ուսուցիչներու, մանկավարժներու, կրթական գործիչներու եւ հայ մշակոյթով ու լեզուով հետաքրքրուած բոլոր անձերու համար։ Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 3 Մարտ 2026-ին, 6:15-ին ընդունելութիւն, 7:00-ին ծրագիր, Fletcher Jones Auditorium, Woodbury University, Burbank։