Համազգային Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը կը հրաւիրէ ձեզ «Չարենց եւ Տանթէ» գրական երեկոյին։
Պիտի կատարուի Եղիշէ Չարենցէն ընտրանիի մը՝ Souls on Fire: Selected Poems - Հրավառ հոգիներ երկլեզու հատորին շնորհահանդէսը։
Գործը անգլերէնի թարգմանած է Թաթուլ Սոնենց, իսկ խմբագրութիւնը կատարած է Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։
Հանդիպումին պիտի մասնակցի Մեղրի Տումանեանը, որ ուսումնասիրած է Տանթէ Ալիկիերի բանաստեղծին գործերը եւ անոր առնչութիւնները հայ գրականութեան հետ։
Թուական եւ ժամ՝ 2 Մայիս 2024, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վայր՝ Կէօնճեան կեդրոն։