Երգային երեկոյթ «Յառաջ» կեդրոնին մէջ՝ այս անգամ Սասնոյ երգերով:
Հասցէ՝ Լեռ Կամսար 29 (Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Կիրակի՝ 14 Դեկտեմբեր 2025
Ժամը՝ 19:00
Դարերէ ի վեր զանազան գաւառներու յատուկ կենցաղային, վարուցանի, քնարական, գեղջկական, ծիսական, օրօրոցային եւ այլ բազմաթիւ վիճակներ արտայայտող երգեր հիւսուած են ու մեզի հասած բանահաւաքներու, աշուղներու, գուսաններու եւ բազմաթիւ հեղինակ-երգիչներու շնորհիւ։
Կիրակի, Դեկտեմբեր 14-ի երեկոյթին, շուրջ տաս երգ պիտի առաջարկուի «Կարին» եւ «Ծովակ» ազգային երգ ու պարի խումբերու անդամ Գագիկ Մարտիրոսեանի կողմէ: Ընտրուած երգացանկին բառերը պիտի յանձնուին ներկաներուն, հաւաքաբար պիտի երգուին եւ երեկոյթը պիտի շարունակուի նախորդ երգացանկերու վերյիշումով եւ ինչու ոչ նաեւ անհատական նախաձեռնութիւններով:
Շնորհակալութիւն Գագիկին մեր առաջարկին ընդառաջելուն համար:
Մուտքը ազատ է:
Սիրով կը սպասենք: