Public lecture
   

Բանախօսութիւն (Փրոֆ. Գէորգ Պարտագճեան). Նիւթ՝ «Պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները հայոց պատմութեան ընթացքին»

Յառաջ Արերմտահայերէնի Աշխատանոց - Haratch Western Armenian Workshop


Բանախօսութիւն (Փրոֆ. Գէորգ Պարտագճեան). Նիւթ՝ «Պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները հայոց պատմութեան ընթացքին»
31 juil. 2025   7:00 PM
Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ
Yerevan - Armenia

Բանախօսութիւն.

🗣 Նիւթ՝ «Պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները հայոց պատմութեան ընթացքին»

Սիրով Ձեզ կը հրաւիրենք ներկայ գտնուելու Միշիկըն համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսոր, Գէորգ Պարտագճեանի բանախօսութեան.

📅 Հինգշաբթի, 31 Յուլիս

🕖 Երեկոյեան ժամը 7-ին

📌 «Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)

Բանախօսին մասին.

Փրոֆ. ԳԷորգ Պարտագճեանը Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը աւարտելէ ետք երկրորդական ուսումը ստացած է Դամասկոսի Յոյն Կաթոլիկներու պատրիարքական դպրոցէն ներս: Արաբական պաքալորիան ստանալէ ետք աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի հայկական բանասիրական բաժանմունքը եւ իր հայագիտական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Օքսֆորտ, փրոֆ. Չարլզ Դաուսեթի ղեկավարութեամբ, պաշտպանելով իր դոկտորականը:

1974-1987 պաշտօնավարած է Ամերիկայի Հարվարդ համալսարանը դասաւանդելով հայերէն, գրականութիւն եւ պատմութիւն: Պրն. Ալեք Մանուկեանի նուիրատւութեամբ յատկապէս Պարտագճեանի համար հիմնուած Միշիկընի համալսարանի Մարի Մանուկեանի անուան Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը ղեկավարած է դասաւանդելով լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ (1987-2020):

Անգլերէնով հրատարակած է շարք մը յօդուածներ եւ գիրքեր եւ ընտրուած է Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի (արտասահմանեան) անդամ: Արժանացած է պատուակալ դոկտորի կոչումներու, շարք մը մետալներու եւ պատւոգրերու:

Հանգստեան կոչուած է 2020 Մայիսին որպէս Հայերէնի եւ Սլաւոնական լեզուներու եւ գրականութիւններու Էմերիտուս փրոֆեսոր: Ներկայիս կը փորձէ ամբողջացնել քանի մը անաւարտ մնացած գործեր: