Theater
   

Թատերական ընթերցում՝ «Կտակը» - Հեղինակ՝ Թլկատինցի

Յառաջ Արերմտահայերէնի Աշխատանոց - Haratch Western Armenian Workshop


Թատերական ընթերցում՝ «Կտակը» - Հեղինակ՝ Թլկատինցի
3 août 2025   7:00 PM
Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

Թատերական ընթերցում

🗣 Նիւթ՝ «Կտակը»

🖋️ Հեղինակ՝ Թլկատինցի

📅 Կիրակի՝ 3 Օգոստոս 2025

🕖 Երեկոյեան ժամը 7

📌 «Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)

Բեմադրիչ՝ Ժիրայր Չոլաքեան

Ընթերցողներ՝

Սողոմոն Աղա - Աբիկ Չագըրեան

Եղսօ (կինը)- Մայտա Պոշկէզէնեան

Սարգիս (զաւակը)- Պետրոս Չաւիք

Համբարձ (զաւակը)- Վիգէն Հապոյեան

Թաղականութեան երեք անդամներ՝

Ատենապետ - Հրայր Տաղլեան

Ատենադպիր - Ներսէս Թաշճեան

Սոսկական - Դալար Տաղլեան

***

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ - կենսագրական գիծեր եւ ԿՏԱԿԸ թատերախաղի մասին

(Յովհաննէս Յարութիւնեան) (1860-1915, Թլկատին գիւղ՝ Խարբերդ [այժմ՝ Խոյլու])

Չքաւոր ընտանիքի զաւակ եղած է։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, 1884 թուականէն սկսեալ զբաղած է ուսուցչութեամբ։ Հիմնած է Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանը։ Հայ լեզուի եւ գրականութեան իր պաշտամունքը կը յաջողի փոխանցել աշակերտներու ամբողջ սերունդի մը՝ Ռուբէն Զարդարեանէն մինչեւ Բենիամին Նուրիկեան։ Կը ներշնչէ գաւառի գրականութեան սէրը եւ կը պատրաստէ գրական հակումներով սերունդ: Միւս կողմէն, կ՛արտադրէ իր կարգին, Պոլսոյ թերթերուն ղրկելով առաւելաբար քրոնիկներ, երբեմն պատմուածքներ, յաճախ գրական դարձուածքով թղթակցութիւններ։ Համիտեան ջարդերու օրերուն (1896), սպաննուած են իր աշակերտներէն մաս մը եւ այրած է դպրոցին շէնքը։ Արհաւիրքէն ետք՝ յամառօրէն վերականգնած է դպրոցը եւ շարունակած դաստիարակչական գործը։

Ուսուցչութիւն եւ գրական արտադրութիւն լրիւ լեցուցած են Թլկատինցիի ինքնամփոփ ու մենաւոր կեանքը։ 1903 թուականին բանտարկուած է։ Շուրջ տարի մը ետք ազատած եւ կրկին նուիրուած կրթական գործին։ Իր աշակերտներէն մի քանին եղած են թատերագիրներ, ինչպէս՝ ՀԱՄԱՍՏԵՂ, ՆՇԱՆ ՏԵՍՏԵԿԻՒԼ, ՎԱՀԱՆ ԹՈԹՈՎԵՆՑ, կրած են իր թատերական ազդեցութիւնը։ Թլկատինցին Արեւմտահայութեան մէջ ընդունուած է իբրեւ գաւառական գրականութեան հիմնադիրներէն։ Նահատակուած է 1915-ի ամռան, Խարբերդի մօտ, Ծովք լիճի ափերուն։

*

Թլկատինցի եղած է այն բացառիկ գրողներէն, որ թատրոնը օգտագործած է իբրեւ կրթական միջոց։ Դպրոցին ու կրթութեան իր նուիրումը «Կտակը» խաղին մէջ ուղղակի յատկանշական է։ Մահամերձ մեծահարուստ Սողոմոն աղան գիւղի դպրոցին կը կտակէ իր ջաղացքը, երբ իրեն հայցով այցելութեան կու գան դպրոցին թաղականները։ Հակառակ իր երկու զաւակներուն եւ անոնց խորթ մօր միջեւ ժառանգութիւնը բաժնելու սուր մրցակցութեան ու թշնամութեան, կտակատուն անշահախնդիր կերպով դպրոցին այդ նուիրատւութիւնը կը կատարէ։

Հետաքրքրական է նաեւ որ Թլկատինցին եկեղեցի, դպրոց կամ բարեսիրական կառոյցներու ընտրութեան դիմաց՝ նախապատւութիւնը կու տայ դպրոցին։ Այս առումով ԿՏԱԿ-ին մէջ կտակատուին հետեւեալ խօսքերը դիպուկ են. «Ապրին էֆենտիները (իմա՝ դպրոցի թաղականները), հազար ապրին, Հայը ասկէ առաջ իր սուրբ եկեղեցիովը ինքզինք շէն կը զգար ու կ՚ապրէր, ասկէ վերջը իմ ալ համոզումը ան է թէ՝ նոյն հայը իր դպրոցին մշակած գաղափարներու սրբութիւնովը պէտք է գոյութիւնը յաւերժացնէ»։