Գրական հանդիպում Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի հետ՝
«Սահմանելի» հատորին շուրջ
Թուական՝ Չորեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր
Ժամ՝ Երեկոյեան 7-ին
Վայր՝ «Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
***
Հեղինակին մասին.
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան Ծնած է Պէյրութ, յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, ապա՝ Հայկազեան Գոլէճէն վկայուած է որպէս Համակարգիչներու Գիտութեան Պսակաւոր Արուեստից (BA 1985): Արժանթին հաստատուած է 1987-ին, հոն իր ուսումը շարունակած է Միջազգային Յարաբերութիւններու ճիղին մէջ եւ ստացած Մագիստրոսի (MA) աստիճան 1994-ին FLACSO/Argentina համալսարանէն: Իր տոքթորական (PhD) թէզը պաշտպանած է ԱՄՆ-ի University of Miami (Coral Gables, FL), ուր մասնագիտացած է Միջազգային Ուսմանց ճիւղին մէջ (2001-2004): Եղած է դասախօս Արժանթինի Սան Անտրէս համալսարանի, Լանուսի Պետական Համալսարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու ճիւղի ամպիոնի վարիչներէն է, եւ 2004-2013 հրաւիրեալ դասախօս է Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ (Երևան):
Հեղինակ է մասնագիտական բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են ակադեմական հրատարակութիւններու եւ գիրքերու մէջ սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով: Եղած է Պէյրութի Հայկական Ռատիոժամի լուրերու հաղորդավար (1981-1987), հրապարակագրական ասպարէզը սկսած է «Ազդակ»-ի մէջ 1982-ին որպէս սինեմայի էջի պատասխանատու, ապա՝ միջազգային լուրերու բաժնի յօդուածագիր: 1987-1997 եղած է Պուէնոս Այրէսի «ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր, աշխատակցած է «Դրօշակ»-ին, Պոսթոնի «Հայրենիք»-ին եւ Մոնթրէալի «Հորիզոն»-ին:
Գրական ստեղծագործութեան սկսած է պատանի տարիքին՝ Ճեմարանի «Ջահակիր» հանդէսին մէջ, ուսանողութեան տարիներուն եղած է Հայկազեանի «Նաւասարդ» գրական պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ: Իր բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները լոյս տեսած են «Յառաջ»-ի «Միտք եւ Արուեստ» յաւելուածին, անգլերէն թարգմանութեամբ՝ «Armenian Weekly»-ին, «Հորիզոնի Գրական» յաւելուածին եւ «Բագին»-ի մէջ, կարգ մը բանաստեղծութիւններ թարգմանուած են ֆրանսերէնի եւ հրատարակուած «Una anthologie de la poésie arménienne contemporaine» (Avis de recherche, 2006) հաւաքածոյին մէջ:
Հատորին մասին.
«Սահմանելի»-ն բանաստեղծական ժողովածու մըն է ձօնուած գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանին:
Ժողովածուն կ'ընդգրկէ 118 բանաստեղծութիւն, հեղինակին ներածականը եւ «Աղուոր խօսք մը», ուր կը կարդանք Մարուշ Երամեանի տասնամեակ մը առաջ, գիրքին հրատարակութենէն շատ առաջ, տպագրութեան համար նախատեսուած բանաստեղծութիւններու մասին գրախօսականը, ուրկէ հատուած մը կը մէջբերենք. «... Քերթուածները բաւական փորձառու գրիչէ մը ելած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն, գրիչ մը, որ երբ կը հպատակի մուսային, մտածումի իր ղեկը ամբողջութեամբ չի յանձներ անոր: Տէր Ղուկասեանի քերթուածները կը մտածեն քերթուածը, լռութիւնը, եւ այս երկուքին մէջ բռնուած լեզուն: Այս երեք լեզուներուն մէջ բռնուած քերթուածները կը շարժին, կը կոհակուին եւ կը ստիպեն ընթերցողը փնտռել շարժին աղբիւրը, մտածողա-քերթողութեան սարքը բռնող ապրումները»: Ապա ամբողջական գիրքին մասին, ուր մի քանի քերթուած եւս աւելցած է, կը կարդանք դարձեալ Մարուշին կարծիքը. «Տասնամեակ մը ետք, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի քերթողութեան էական գիծերը փոխուած չեն, բայց հասունութիւն մը կայ արդէն իր տողերուն մէջ եւ փորձառութեան կնիքը: Քիչ արժանիքներ չեն ասոնք»:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան գրել սկսած է Պէյրութի Համազգային Նշան Փալանճեան ճեմարանի նստարաններէն։ Ինչպէս իր ներածականին մէջ կը յիշէ, գրելը իր մարմնին մէջ մտցուցած են երեք ուսուցիչներ՝ Գրիգոր Շահինեան, Մուշեղ Իշխան եւ Եոլանտ Աճէմեան։
«Սահմանելի»-ն կը սկսի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմով՝ «Քայքայումի մը առանձնութիւնը» (Պէյրութ, 1986), կը շարունակուի տարբեր վայրերու եւ թուականներու գրուած քերթուածներով՝ Պոսթըն, Պուէնոս Այրէս, Երեւան։ Քերթուածներ կան նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի 2020-ի պայթումին մասին՝ անգլերէնով, 2020-ի համավարակի եւ մեկուսացումներուն մասին, ինչպէս նաեւ Արցախի կորուստին: Երեսուն տարիէ աւելի ժամանակաշրջան ընդգրկող այս հաւաքածոն կ'աւարտի Վահէ Օշականին նուիրուած «Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ...» Քերթուածով: Քերթուածները «Հորիզոն գրական»-ին, «Յառաջ»-ի «Միտք եւ Արուեստ»-ին, «Բագին»-ին եւ այլ պարբերաթերթերու մէջ լոյս տեսած են: