Demonstration
   

Հայ ժողովուրդ դէպի ո՞ւր կ'երթանք...

Lena Markarian


Հայ ժողովուրդ դէպի ո՞ւր կ'երթանք...
20 mai 2020   12:00 AM
Սրբուհի Ագնէս վարժարան
Lebanon

Չորեքշաբթի 20 Մայիս 2020 թուականը Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մեծ ընտանիքին համար շատ ցաւալի և ճակատագրական օր մըն էր։

Ուսւցչական կազմը և ծնողներ ժողովի հրաւիրուած էին տնօրէնութեան կողմէ, որպէսզի պաշտօնապէս յայտարարուէր կամ փոխանցուէր մեր շատ սիրելի ոչ թէ վարժարանին, այլ մեր հարազատ տան փակման լուրը։

Վերջին մի քանի տարին լիբանանահայութեան համար վարժարանի մը փակումը նորութիւն մը չէ. ասկէ առաջ քանի մը ազգային վարժարաններ փակեցին իրենց դռները։

Այսօր հասած է կարգը մեր շատ սիրելի վարժարանին։

Այսօր դիմատետրի վրայ կարդացինք շատ մեկնաբանութիւններ, գրութիւններ, ափսոսանքներ...

Ամէն մէկը իր կարծիքը, իր զգացումները, իր խօսքը փոխանցեց։

Շատ լաւ այս բոլորը, բայց ետքը ի՞նչ...

Մենք դէպի ո՞ւր կ'երթանք...

Մենք միշտ լսած ենք թէ կ'ապրինք սփիւռքի մէջ և միշտ ենթակայ ենք ձուլումի վտանգին, պէտք է ամուր կառչած մնանք մեր կառոյցներուն, մեր եկեղեցիին, մեր դպրոցին, մեր ակումբներուն..., որովհետեւ անոնք են մեր միացումի, պահպանման և ձուլումի վտանգին դէմ պատնէշ եղող կառոյցները։

Բայց մենք այսօր ի՞նչ կ'ընենք... վարժարաններ կը փակենք, մինչ ուրիշ մը կը շինենք։

Եղածը կը փակենք, ուրիշ մը կը բանանք։

Երբ դպրոց կը փակենք կ'ըսենք նիւթական շատ դժուար պայմաններուն չդիմանալով ստիպուած այսինչ վարժարանը փակեց իր դռները, բայց անդին ահագին գումարներ կը ծախսուի ուրիշ մը կառուցելու ...

Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ պատճառը նիւթականը այս պարագային։ Ի՞նչ կ'ընենք մենք հայ ժողովուրդ։

Դէպի ո՞ւր կ'երթանք ։

Այսօր վարժարանի մը դռները երբ կը փակեն անդին ահագին ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ անգործ կը մնան, ահագին աշակերտներ նեղ կացութեան կը մատնուին, մանաւանդ եթէ այդ աշակերտները շատ համեստ ընտանիքներու զաւակներ են։ Ո՞ւր պիտի երթան այս հայ աշակերտները։

Գիտեմ կան ուրիշ հայկական վարժարաններ, բայց անոնք նիւթական դժուարութիւն ունեցողներ են։ ի՞նչպէս պիտի վճարեն։

Կ'ըսենք պէտք չէ ձուլուինք, պէտք է պահպանենք մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր աւանդոյթները, բայց այս բոլորը ի՞նչպէս... ըսէ'ք։

Հայ վարժարան փակելո՞վ։

Այդ վարժարանները ի՞նչպէս կառուցուեցան կրնաք ըսել։

Շատ համեստ պայմաններով կառուցուած են այդ բոլորը...

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայը շինած է այդ բոլորը...

Հարուստ չէ եղած։ կարդացա՞ծ էք Շահանդուխտի գրութիւնը երբ կը նկարագրէ քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ շինութեան մասին։ Մարդիկ իրենց վերջին զարդեղէնները նուիրած են, որպէսզի կառուցուի եկեղեցին։

Կարդացա՞ծ էք Սրբուհի Ագնէս վարժարանի հիմնադրութեան մասին։

Քար առ քար, մաս առ մաս, շիթ առ շիթ դրուած է հիմը մեր սիրելի վարժարանին, զոհողութիւններով...

Բայց մենք ի՞նչ կ'ընենք այսօր. վարժարաններ կը փակենք։

Մենք ենք մեր ճակատագիրը կերտողները։

Մենք ենք մեր ձուլումի հարթակը պատրաստողները։

Մի' ըսէք նիւթական պայմաններու բերումով։

Միշտ ալ եղած է լուծում։

Իմ այս տողերով կ'ուզեմ իմ ցաւս, վիշտս բաժնեկցիլ ձեր հետ սիրելի ընթերցող։

Ես կը գրեմ, որպէս մայր և ուսուցիչ ։

Մենք դէպի ո՞ւր կ'երթանք։

Սիրելի քոյր Անայիս տարիներ աշխատեցանք ձեր հետ։ դուն մեզի համար տնօրէնուհի մը չէիր, այլ մայր Թերեզա։

Աղքատին հոգացող։

Կարիքաւորին հասնող։

Բարին բուն իմաստով մայրապետ։

Դուն մեր մայր թերեզան էիր։

Ես չկրցայ իմ այս տողերուս մէջ ձեզ չյիշել, որովհետեւ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի անունը կապուած էր ձեր անունին։

Ձեզ շատ փնտռեցինք քոյր Անայիս։

Քեզ կը մաղթեմ առողջութիւն և երկար կեանք։

Վարձքը կատար բոլորին։