Mass
   

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի


Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը
19 oct. 2025   10:00 AM
Vaticano
Lazio - Italy

ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԱՐՔԵՊՍ. ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ

ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այսօր, Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հ. Կ. Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը կը հրապարակէ այս պաշտօնական յայտարարութիւնը:

Վատիկանի մէջ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին առիթով՝ պաշտօնական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցով:

• Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին:

Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին հանդիսաւոր Ս Պատարագը՝ հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին, «Ս. Պետրոս»-ի հրապարակին վրայ։

• Վատիկան, Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին:

Հանդիպումը Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ, «Պօղոս Զ. դահլիճ»-ին մէջ:

• Վատիկան, Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին:

Գոհաբանական Ս. Պատարագը «Ս. Պետրոս» տաճարին մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին։

Ուշադրութի՛ւն:

Բոլոր անոնք, որոնք արձանագրուած են այս ձեռնարկներուն մասնակցելու համար, կը հրաւիրուին այցելելու Հռոմի Քահանայապետական ​​Հայ Լեւոնեան Վարժարանը, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15-էն սկսեալ մինչեւ Շաբաթ օրը, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7-ը, որպէս զի ստանան մուտքի տոմսերը եւ կարենան մասնակցիլ տօնակատարութիւններուն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել հետեւեալ հասցէին՝

📍 [Վիա Տի Ս. Նիքոլա Տա Թոլէնդինօ, 17, 00187 Հռոմ, Իտալիա]

📞 [+961 81 495 852]

(Pontificio Collegio L. Armeno

Salita S. Nicola da Tolentino, 17.


Registration