“Բայց” մէնախաղով, Վահէ Պէրպէրեան անգամ մը եւս հանդէս կու գայ, իր ոճին հաւատարիմ, աշխոյժ, սրամիտ եւ ծիծաղագրգիռ բեմախաղով։
Համաճարակի տուած մեկուսացման առիթը շահագործելով, իր կեանքի ոլորտներով, կը յաջողի անդրադարձի գործողութիւն մը կատարել։
Իր մօր փոխադրման պայմանները, կրօնքը, օրականի ձանձրոյթը, քաղաքականօրէն ճշդապահութեան հոսանքը, հայու ճակատագիրը եւ աշհարհի ներկայ իրավիճակը,
դիպուկ ու սրատես դիտողութեամբ կը վերածէ հակասութիւններու ծիծաղաշարժ շարանի,
իր զուարթախոհութեան հզօր ըմբռնումով։
Հանդիսատեսը սրահէն դուրս կուգայ, հաւանաբար քիչ մը թեթեւցած, կազդուրուած եւ յուսալցուած։
Merci à toutes les équipes du POC d'Alfortville, à Monsieur le Maire Luc Carvounas, Monsieur Philippe Car et à Monsieur Saro Mardiryan pour leur soutien constant envers My Ouai.
#actionsMyOuai #Vaheberberian #armenian #armenie
#humour
𝗧𝗜𝗖𝗞𝗘𝗧𝗦 >> https://tickets.myouai.fr/vaheberberianMyOuai