Conference

Երգենք միասին

Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոց


Երգենք միասին
21 juil. 2024   8:00 PM
Լեռ Կամսար 29, (Ամերիկեան համալսարանին մօտ)
Yerevan - Armenia

Հաւաքապէս պար բռնելը՝ շուրջպարը, արդէն հանրային սովորոյթ դարձած է, երգը նոյնպէս արժանի է հաւաքական մասնակցութեան։ Ընտանեկան հաւաքի ժամանակ, խնճոյքի մը կամ ճաշկրոյթի մը ընթացքին երբեմն, հաւաքապէս երգեր կ՚երգուին, պէտք է աւելի տարածել ու ընդհանրացնել այդ փորձառութիւնը։

Երգելն ու պարելը ունին դրական ազդեցութիւն անհատներու եւ հաւաքական ինքնութեան ամրապնդումին, հոգիներու հաղորդակցութեան ու փոխըմբռնումին վրայ։

Դարերէ ի վեր կենցաղային, վարուցանի, քնարական, գեղջկական, ծիսական եւ այլ բազմաթիւ վիճակներ արտայայտող երգեր հիւսուած են ու մեզի հասած բանահաւաքներու, աշուղներու, գուսաններու եւ բազմաթիւ հեղինակ-երգիչներու շնորհիւ։

Կիրակի, Յուլիս 21-ի երեկոյթին, շուրջ տասը երգ պիտի առաջարկուի Դալար Պզտիկեան-Մաթոսեանի ու Շահէ Քէշիշեանի կողմէ: Ընտրուած երգացանկի բառերը պիտի յանձնուին ներկաներուն, որպէսզի իրենք եւս մասնակցին։ Որմէ ետք դաշտը ազատ պիտի ըլլայ անհատական նախաձեռնութիւններու:

Սիրով կը սպասենք:





Back to the calendar