Աշխարհասփիւռ հայութեան համար Արարատը մեր ազգի յաւերժական խորհրդանիշն է։ Անոր վեհ գագաթին հեռուէն նայիլն իսկ սիրտ կը յուզէ, իսկ գագաթին նուաճումը կեանքի մէջ հազուագիւտ եւ անջնջելի փորձառութիւն մըն է։
Սիրով հրաւիրուած էք մասնակցելու ոգեշնչող երեկոյի մը, ուր հինգ հայ լեռնագնացներ տպաւորիչ լուսանկարներով եւ հետաքրքրական տուեալներով, պիտի կիսեն իրենց անձնական պատմութիւնները, ապրած դժուարութիւններն ու Արարատի գագաթը նուաճելու պահուն ունեցած անբացատրելի զգացումները։
ՄԵՐ ՀԻՆԳ ԼԵՌՆԱԳՆԱՑՆԵՐԸ՝
* Նազօ Ճէրէճեան – «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն-խմբագիր եւ Պէյրութի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի նախկին տնօրէն։ Արարատը նուաճած է երեք անգամ՝ 2014, 2015 եւ 2019 թուականներուն։
* Հ.Բ.Ը.Մ. Սիտնիի Երիտասարդ Արհեստավարժներու 2025-ի Արարատի գագաթը նուաճած խումբը – Փաթիլ Յովակիմ, Արէն Քիւրիւմլեան, Պարոյր Քիւրիւմլեան եւ Յակոբ Քէօրօղլանեան, որոնք անցեալ տարի յաջողութեամբ իրագործեցին այս բացառիկ մարտահրաւէրը։
Եկէ՛ք ձեր ընտանիքով եւ բարեկամներով՝ միասին տօնելու ոգեշնչող երեկոյ մը, վերապրելու Արարատի կանչը եւ վերանորոգուելու ազգային հպարտու