Հայ երիտասարդութիւնը ուժեղ ու պահանջատէր
Աթէնքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ, երէկ Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2019ին, հայութիւնը համախմբուեցաւ ու վճռակամ իր ներկայութիւնը պարտադրեց, բողոքի պահանջատիրական ցոյցեր իրագործելով դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան։
Աթէնքի մէջ ցոյցը սկսաւ յետմիջօրէին, Նէա Զմիռնիի յուշակոթողին առջեւ իրագործուած հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին։ Դափնեպսակներու զետեղումէն ու պաշտօնական յայտագրի գործադրումէն ետք, ժողովուրդը հանրակառքերով եւ ինքնաշարժներով ուղղուեցաւ դէպի Աթէնքի կեդրոն, համախմբուելով Սինտաղմայի հրապարակին առջեւ տեղադրուած Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան քարոզչական տաղաւարին առջեւ։
Բարձրախօսներէն հնչած հայկական երաժշտութեան եւ յեղափոխական երգերու հնչիւններուն տակ, արդէն համախմբուած Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան եւ Երիտասարդական Միութեան հարիւրաւոր անդամները, բողոքի ցոյցի առաջին կարգին անցան, առաջնորդելով ժողովրդային ցոյցը, Աթէնքի կեդրոնական Վասիլիսիս Սոֆիաս պողոտայէն։ Կարգապահութեամբ ու խիտ շարքերով քալեցին ցուցարարները դէպի Ռիղիլիս հրապարակ, բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժի մը առաջնորդութեամբ, ուրկէ կը հնչէին պահանջատիրական լոզունգներ եւ կարճ բովանդակութեամբ խօսքեր։
Բողոքի երթին ամբողջ տեւողութեան, օրուան կարգախօսները պարզող պաստառներու եւ ցուցատախտակներու կողքին, Եռագոյն երկար դրօշակ մը, հայկական եւ յունական ազգային դրօշակները, ինչպէս եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներ պարզած ժողովուրդը՝ բարձրաձայն կը վանկարկէր պահանջատիրական լոզունգները։ Ազդու էր պատանիներու ներկայութիւնը, որոնք իրենց վարիչներու առաջնորդութեամբ, մեծ ոգեւորութեամբ եւ խանդավառ կանչերով իրենց իւրայատուկ շեշտը կուտային ցոյցին։
Անմիջապէս կը յաջորդէին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները, առաջնորդող կեդրոնական պաստառով, ուր կը պարզուէր Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսը, որու վրայ գրուած էր «Այս է մեր սուրբ հողը։ Այս է Հայաստանը»։
Երբ երթը հասաւ Ռիղիլիս հրապարակին անկիւնը, կանգ առաւ՝ թրքական դեսպանատան ճամբան փակած ոստիկանութեան ապահովական ուժերուն առջեւ, որոնք չարտօնեցին որ ցուցարարները յառաջանան ու հասնին դեսպանատան դրան առջեւ։ Ոստիկանական ինքնաշարժներով փակուած էր ճանապարհը եւ ապահովութեան յատուկ ջոկատներ շարուած էին ոստիկանութեան ուժերուն ետին։
Ցուցարարները շարունակեցին պահանջատիրական լոզունգներ բացագանչել, ապա զօրակցական խօսքերով հանդէս եկան Յունաստանի Պոնտական միութեան, ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքական կուսակցութեանց երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան խօսքը փոխանցեց ընկ. Լոռի Գույումճեան, որ խօսեցաւ հայ երիտասարդի հոգեկան ապրումներուն եւ վճռակամ կեցուածքին մասին, յայտնելով թէ ամբողջական եւ արդարացի հատուցում կը պահանջէ հայ երիտասարդութիւնը, որ իր պահանջը ուժգին կը բացագանչէ, անգամ մը եւս գտնուելով թրքական դեսպանատան առջեւ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած այս տարուան ցոյցին ալ ոստիկանութեան կողմէ դրուած արգելքներով՝ չարտօնուեցաւ որ պատուիրակութիւնը յուշագիրը յանձնէ դեսպանատուն։ Հայութեան պահանջները պարզող այս յուշագիրը, կարճ ու ամփոփ հրապարակումն է՝ ճանաչում ու հատուցում պահանջող հայութեան արդար իրաւունքներուն։
Ցուցարար բազմութիւնը բարձրաձայն հնչեցուցած իր լոզունգներով, շատ յստակ եւ լսելի դարձուց հայութեան այս պահանջները։ Բարձրախօսէն յստակացումներ կը տրուէին հանրութեան, բացատրելով թէ հայութեան բողոքը ուղղուած է ցեղասպան Թուրքիոյ ժառանգորդ պետութեան դէմ։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները բարձրախօսէն ընթերցեցին Թուրքիոյ դեսպանութեան ուղղուած յուշագրի բովանդակութիւնը, որմէ պատճէններ յանձնուեցան յունական թերթերուն եւ լրատուամիջոցներու թղթակիցներուն։
Յաջորդաբար, ցուցարար երիտասարդները, ճամբուն մէջտեղը զետեղեցին 1915 թուականի դահիճներու լուսանկարները, որոնք կրակի տուին։
Ցոյցը հասաւ իր աւարտին Յունաստանի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց ազգային ոգերգներու ժողովրդային խմբերգումով։ http://azator.gr/?p=12810
Πορεία διαμαρτυρίας στην Τουρκική πρεσβεία για την συμπλήρωση 104 χρόνων από την Γενοκτονία.