Լիզպոնի Հինգ Տղոց ողջակիզման 35ամեակին նուիրած երեկոյ կը կազմակերպեն Հ․Յ․Դ․ Յունաստանի Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու Ֆիքսի եվ Գոքինիոյ խումբերը։ Երեկոն տեղի կ'ունենայ Երկուշաբթի՝ 9 Յուլիս 2018ին, երեկոյան ժամը 20։30ին, Ֆիքսի "Արամ Մանուկեան" ակումբէն ներս։
Հայաստանի եւ Հայ Դատի արդար պահանջատիրութեան զոհասեղանին իրենց երհտասարդ կեանքերը նուիրած հինք տղոց՝
Սեդրակ Աճէմեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Արա Քրճլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի եւ Սիմոն Եահնեանի յիշատակը յաւերժացնելու համար հրաւիրուած են մեր բոլոր հայրենակիցները։